Ըստ Հայաթ-ի Անգարա Ռաքքան Արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ ազատագրելու զինուորական ծրագիր մը ներկայացուցած է Ուաշինկթընին

By Aztag Daily | Wednesday, 22 February 2017



Թրքական աղբիւրներ <<Հայաթ>> օրաթերթին յայտնած են, որ Անգարա Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը Միջազգային դաշինքի անդամ արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ ազատագրելու զինուորական ծրագիր մը ներկայացուցած է Ուաշինկթընին:

Քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու ծրագիրը նախ եւ առաջ ներկայացուած է <<Սի.Այ.Էյ.>>-ի տնօրէն Մայք Մոմփիոյի անցեալ հինգշաբթի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին, ապա ուրբաթ օր մանրամասնօրէն քննարկուած է Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոզըֆ Տանֆըրտի հանդիպումին ընթացքին:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. <<Երկու օր առաջ Թուրքիա այցելած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ: Մենք ամերիկեան կողմին առաջարկած ենք (Սուրիա) ուղարկել մասնայատուկ ուժերու զօրախումբ մը` տեղւոյն չափաւորական (ընդդիմադիր) ուժերուն աջակցելու համար>>, յայտնած է նախարարը:

Ըստ Չաւուշօղլուի, օգոստոս 2016-էն ի վեր շարունակուող <<Եփրատի վահան>> գործողութիւնը, որ կը կատարեն Թուրքիոյ բանակն ու Սուրիական ազատ բանակը, ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը` իբրեւ <<ցամաքի վրայ սուրիական ուժերուն լուրջ աջակցութիւն ցոյց տուող Թուրքիոյ մասնայատուկ ուժերու հետ տեղական կազմաւորումներու համագործակցութեան>> հայեցակարգ: <<Շուտով պիտի գրաւուի Պապը, եւ ատկէ ետք մենք նոյնպէս միասնաբար պիտի յարձակինք Ռաքքայի վրայ: Ռաքքայի դէմ կարելի է գրոհել (Միջազգային) դաշինքի մեր դաշնակիցներուն հետ, Միացեալ Նահանգներու հետ: Մենք անոնց համար բացած ենք մեր Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանը>>, նշած է ան:

 

comments

Advertisement