By Asbarez | Wednesday, 22 February 2017
ՊՈԼԻՍ - Թրքական <<Հիւրրիյէ>>չ թերթի թղթակից Ապտուլքատիր Սելվին կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ճոզէֆ Տանֆորտի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի միջեւ՝ անցած շաբաթավերջին Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, յստակ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած սուրիական Ռաքքա քաղաքին մէջ իրականացուելիք զինուորական գործողութեան միացեալ ծրագիրի մը շուրջ:
Լրագրողը կը պնդէ, թէ սոյն հանդիպման ընթացքին Տանֆորտ առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն վայելող քրտական ուժերը, մասնակցելով <<Իսլամական պետութիւն>>էն Ռաքքան ազատագրելու գործողութեան՝ միջազգային դաշինքի ուժերուն օժանդակեն հարաւէն, իսկ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն վայելող Սուրիական ազատ բանակի զինեալները՝ հիւսիսէն, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ վերջիններուս միջեւ անցանկալի բախումէ: Սակայն թրքական կողմը պնդած է, որ չի հրաժարիր քիւրտերը Ռաքքայի գործողութենէն դուրս պահելու իր մտադրութենէն:
Նախապէս, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք շեշտած էր, որ Թուրքիան խիստ մտահոգ է Ռաքքայի ազատագրման քայլին մէջ <<սխալ դերակատարներու>> ընտրութեան գծով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ