Թուրքիոյ վարչապետը Ամերիկայի փոխնախագահին հետ քննած է Կիւլենը արտայանձնելու հարցը

By Asbarez | Wednesday, 22 February 2017

 

0222Yildirim

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, անցած շաբաթավերջին, Գերմանիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ, ապա այդ մասին բացատրութիւններ տուաւ մամուլին։ Վարչապետը դիտել տուաւ, թէ նոր փուլ մտած է Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Թուրքիոյ վերադարձնելու հարցը։ Տրուած բացատրութիւններէն յայտնի կը դառնայ, որ վարչապետը Փենսի հետ խորհրդակցութեանց ընթացքին ծանրացած է նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին վրայ։ Եըլտըրըմ դիտել տուած է, որ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին ընթացքին սխալ է գործակցիլ քրտական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք <<ահաբեկչական>> կը նկատուին Անգարայի կողմէ։

Կիւլենի գծով, ըստ վարչապետին, Փենս յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն լրջօրէն պիտի մօտենայ այս հարցին։ Վարչապետին համաձայն՝ ասիկա յառաջդիմութիւն մըն է, քանի որ նախորդ իշխանութիւնները <<ասիկա դատական հարց է>> կ՛ըսէին ու՝ <<իրենց ձեռքը կը լուային>>։

 



comments