By Asbarez | Thursday, 23 February 2017
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Ֆրանսայի նախագահութեան ծայրայեղ աջակողմեան թեկնածու Մարին Լը Փեն Փետրուար 21ին աւարտեց Լիբանան իր այցելութիւնը, շարք մը հանդիպումներ ունենալէ ետք լիբանանցի ղեկավարներու հետ:
Ան նախ այցելեց նախագահ Միշել Աունին եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն ու անոնց ներկայութեան քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական հետեւանքներուն շուրջ՝ ընդգծելով, որ Լիբանան անզօր է երկար ատեն դիմանալու այս բեռին տակ:
Ան նաեւ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաայի հետ:
Իր տեսակցութիւններուն աւարտին, Լը Փեն տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն վայրը պարտադրաբար փոխուեցաւ, մօտաւորապէս 30 տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Իպրահիմ Ապտալլայի զօրակիցներու բողոքի ցոյցին պատճառով:
Իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան շեշտեց Լիբանանին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը՝ կոչ ընելով, որ առնչակից երկիրներ եւս նպաստեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով, որուն սպառնալիքներէն զերծ չէ Լիբանանը:
Լը Փեն դիտել տուաւ, որ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան սպառնալիքին դէմ լուծման ելք կարելի է գտնել նաեւ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ գործակցելով: Լը Փեն իր այս կեցուածքը հիմնաւորեց նշելով, որ անիկա կը միտի պաշտպանել Ֆրանսայի շահերը:
Միւս կողմէ, Լը Փեն <<կնոջ կողմէ նուաստացումի եւ ենթակայութեան>> նշան որակեց լաչակի գործածութիւնը, զոր ան մերժեց կատարել, որուն իբրեւ հետեւանք՝ սիւննի միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տըրիանի հետ անոր ծրագրուած հանդիպումը չկայացաւ:
Իր կարգին, <<Տար Ֆաթուա>>ն հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց, որ ֆրանսացի հիւրը անտեսած էր լիբանանեան հոգեւոր այս կառոյցին աւանդութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ