By Asbarez | Friday, 24 February 2017
ԹԵԼ ԱՒԻՒ - Ռուսական <<Թասս>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով, որ Իսրայէլ կը գտնուի՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ, իսրայէլեան <<Ճերուզալէմ Փոսթ>> թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ միայն զինուորական միջոցներով լուծել, եւ աւելցուցած է. <<Սուրիոյ մէջ գլխաւոր խնդիրներէն մէկը ընդդիմութեան անջատումն է ահաբեկիչներէն>>:
<<Անցեալ տարի մենք Միացեալ Նահանգներու հետ կը փորձէինք համաձայնութեան գալ այդ նիւթին շուրջ, սակայն ամերիկացիները չկրցան իրարմէ զանազանել ընդդիմութիւնն ու ահաբեկիչները>>, յայտնած է ան:
Սիրոմոլոթով նաեւ նշած է, որ երբ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապը աւարտի, Իրանի ուժերը եւ լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կազմակերպութիւնը պիտի հեռանան Սուրիայէն: <<Գիտեմ, որ Իսրայէլի մէջ մտահոգութիւններ կան Սուրիա գտնուող <<Հըզպալլա>>ի եւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ստորաբաժանումներուն նկատմամբ>>, նշած է ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ