Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը յառաջացած են դէպի Եփրատ գետ

By Asbarez | Friday, 24 February 2017

0224syria

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Էվրենսել>> թերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր խմբաւորումը, որ բաղկացած է քրտական եւ արաբական ուժերէ, յայտարարած է, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յառաջացած է մինչեւ Եփրատ գետ: Կը նշուի, որ քրտական ղեկավարութեամբ խմբաւորումը Ռաքքայի արեւելքը լուրջ յառաջընթաց արձանագրած է եւ տեղաւորուած Եփրատի ափերուն, ինչ որ անոր թոյլ կու տայ, անհրաժեշտութեան պարագային, շրջափակել տարածքին զգալի մասը:

Քանի մը օր առաջ թրքական մամուլին մէջ տարածուած էին լուրեր այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար Ճոզէֆ Տանֆորտի եւ Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի միջեւ հանդիպումին ընթացքին յստակ համաձայնութիւն չէ գոյացած Ռաքքայի մէջ կատարուելիք զինուորական գործողութեան միացեալ ծրագիրին շուրջ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց, որ Ռաքքայի ազատագրութեան գործողութեան վերաբերեալ ամերիկեան վարչակազմի դիրքորոշման մէջ նշմարելի փոփոխութիւն գոյութիւն ունի:

<<Ներկայ վարչակազմը ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընէ Թուրքիոյ տեսակէտները, եւ միայն գործողութեան ուշացման վերաբերեալ մտահոգութիւն ունի>>, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ, Թուրքիոյ կարծիքով, գործողութեան ուշացումը հարց մը չէ, այլ ընդհակառակը՝ անոր ճիշդ պահուն եւ յարմար մասնակիցներով գործադրութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ միջազգային դաշինքին համար մեծ յաջողութիւն պիտի ըլլայ:

Ըշըք ըսաւ նաեւ, որ Անգարա սկիզբէն Ուաշինկթընին ըսած է, թէ անյարմար դերակատարներու հետ գործակցիլը տարածաշրջանին մէջ դրական արդիւնքներու պիտի չառաջնորդէ:

<<Մընպեճ քաղաքը Ռաքքային այլընտրանքը չէ՛, ո՛չ ալ Ռաքքան՝ Մընպեճի, սակայն Քրտական բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն հեռացումը անկէ, մեզի համար անխուսափելի հարց մըն է>>, շեշտեց Ըշըք եւ նշեց, թէ Ուաշինկթըն նախապէս Անգարայի խոստացած էր քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բոլոր զինեալները հեռացնել Մընպեճէն: <<Ներկայիս, միասնաբար այդ բանի գործադրութեան ուղղութեամբ կ՛աշխատինք>>, աւելցուց ան:

Նշենք, որ Անգարան Սուրիոյ քիւրտերու զինեալ ուժերը կը համարէ Քրտական բանուորական կուսակցութեան գործակիցներ։

Նաեւ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն  յայտնեց. <<Սուրիական Պապ քաղաքի վերահսկողութիւնը ահաբեկչական <<Իսլամական պետութիւն>> խմբաւորումէն խլելը կարեւո՛ր է՝ այդ ծայրայեղական խմբաւորումը Ռաքքայի մէջ իր կեդրոնատեղիէն վտարելու համար>>:

<<Ճիշդ չէ այն պնդումը, թէ զինեալներուն դէմ պայքարին մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն այլընտրանք մը գոյութիւն չունի>>, պնդեց ան:

 



comments