By Asbarez | Friday, 24 February 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - <<Հիւրրիյէթ>> թերթը հրապարակեց Թուրքիոյ ամէնէն գեղեցիկ տասը գիւղերուն ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են նաեւ հայկական գիւղեր։ Ակնառու առաջին հայկական շրջանը Երզնկայի հայկական Ապչաղա )Ապուչեխ) գիւղն է։ Թուրքիոյ մէջ շատեր գիտեն՝ <<Այնտեղ, Հեռուն, Գիւղ մը Կայ>> բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է այս գիւղին, սակայն քիչեր գիտեն, թէ այդ գիւղը հայկական է։ Այս մասին կը նախընտրէ լուռ մնալ նաեւ <<Հիւրրիյէ>>չ թերթը, որ կը գրէ, թէ Եփրատ գետի ամէնէն գեղեցիկ տեսարաններէն մէկը լեռնային այս բարձր գիւղէն կ՛երեւի։
<<Հիւրրիյէ>>չ նաեւ անդրադարձաւ հայկական Վագըֆ գիւղին, որ պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ Թուրքիոյ տարածքին միակ հայկական գիւղը։ Գիւղը ունի իր եկեղեցին ու պանդոկը։ Կիլիկիոյ վերջին հայաբնակ գիւղին մասին թերթը կը գրէ. <<Վագըֆլը գիւղ, որ առանձնայատուկ գեղեցկութեան մէջ ընկղմած է՝ նարինջի ու լեմոնի իր ծառերով։ Այս գիւղին մէջ կրնաք ծանօթանալ հայկական մշակոյթին ու ճաշակել տեղական խոհանոցի համեղ ճաշերը>>։ Կը նշուի նաեւ, որ այդ գիւղին մէջ տակաւին մօտաւորապէս 80 հայ կ՛ապրի։
Ցանկին վրայ կան նաեւ համշէնական Մարալ գիւղը, որ Արդուինի զմրխտապատ լեռներուն մէջ կը գտնուի։ Գիւղի ամէնէն յայտնի եւ տեսարժան վայրը Մաճահել անունով ջրվէժն է։ Այստեղ համշէնական հին փայտեայ տնակներն ու խիտ անտառները պահպանուած են տակաւին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ