By Asbarez | Sunday, 26 February 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Շաբաթ, 25 Փետրուարին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ) ետ մղած է ատրպեճանական ուժերու կողմէ ձեռնարկուած յարձակում մը՝ պատճառելով կորուստներ:
<<Ռազմինֆօ>><< լրատուական ծառայութիւնը տեղեկագրելով այս յարձակման մասին կը գրէ.
<<Փետրուարի 25ին՝ ժամը 03:00ի եւ 04:00ի սահմաններում, շփման գծի միանգամից երկու՝ հարաւարեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնա) ուղղութիւններով հակառակորդը, օգտագործելով ականազերծման համապատասխան տեխնիկա եւ յատուկ միջոցներ, ձեռնարկել է յարձակման փորձ:
<<ՊԲ առաջաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններում էլ նկատել են ադրբեջանական ստորաբաժանումների առաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով յետ շպրտել ելման դիրքեր: Բանակի առաջապահ ուժերի պատասխան գործողութիւնների արդիւնքում հակառակորդը տուել է զոհեր եւ վիրաւորներ: Մի քանի դիակ գտնւում է չէզոք գօտում:
<<Հայկական կողմը զոհեր ու վիրաւորներ չունի:>>
Փետրուար 25ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկութիւններ տրամադրած է Արցախի սահմանին տեղի ունեցած մարտերու վերաբերեալ, հաստատելով, որ կորուստներ ունին, որոնցմէ մի քանիին դիակները մնացած են միջդիրքային տարածութեան վրայ:
Ատրպէյճանի բանակի կորուստներէն մէկը գնդապետ, զծրաբաժնի հետախուզութեան պետ Ագշին Աբդուլլաեւն է` Շաքիի շրջանի Քիշ գիւղէն:
Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան հրապարակած է ատրպէյճանցիներու յարձակման տեսանիւթը, ուր կ՛երեւին միջդիրքային տարածքի վրայ մնացած առնուազն 5 ատրպէյճանցի զինուորի դիակը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ