ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Արցախ-Ազրպէյճան լարուածութեան աճի վերաբերեալ յայտարարութիւնը

By Aztag Daily | Monday, 27 February 2017



ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն <<Արմէնփրես>>-ին յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ) Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին լարուածութեան վերջին աճին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած են:

<<Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու տեղեկութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու համաձայն, 25 փետրուարի կանուխ առաւօտեան շփման գիծին մէջ զինադուլի լուրջ խախտում արձանագրուած է, որուն պատճառով կան վնասուածներ: Քանի մը մարմիններ տակաւին կը մնան <<չէզոք գօտի>>-ին մէջ: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն ներթափանցման փորձի մէջ: Համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն նախապէս շփման գիծին մօտեցուած ծանր սպառազինութիւնը պահել ներկայ դիրքերուն մէջ եւ արտօնել վերցնել մահացածներու մարմինները, ինչպէս երէկ համաձայնութիւն գոյացած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին միջնորդութեամբ: Համանախագահները կը յիշեցնեն կողմերուն ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու իրենց յանձնառութիւններուն մասին>>, ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:

 

comments