Տողան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ ոչ պէտք է քուէարկել հանրաքուէին ժամանակ

By Asbarez | Tuesday, 28 February 2017

0228dogan

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան կազմակերպեց ընդարձակ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ նախագահական դրութիւն հաստատելու նպատակով կայանալիք սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին մասին եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ <<ո>>չ պէտք է քուէարկել անոր։ Ան մտավախութիւններ յայտնեց այն վտանգներուն մասին, որոնք անպայման պիտի ստեղծուին, եթէ <<այո>>ի ջատագով կողմը շահի ու նախագահական դրութիւն հաստատուի։

Տողան այս ելոյթը ունեցաւ թէ՛ իբրեւ երեսփոխան, թէ՛ իբրեւ փոքրամասնութեան անդամ։ <<Փոքրամասնութիւններն ալ անշուշտ իրենց խօսքը ունին այս կարեւոր խնդիրին կապակցութեամբ>>, ըսաւ ան։

Տողան պնդեց, թէ նոր դրութիւնը ամբողջովին պիտի չէզոքացնէ խորհրդարանը։ Ան բացատրեց, որ սահմանադրութիւնը՝ մեծամասնութեան դիմաց փոքրամասնութիւններուն հզօր պաշտպանը պէտք է ըլլայ, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պատճառաբանութեամբ է, որ հիմա Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը փոխել կը ջանան։

Ան ըսաւ, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այս փոփոխութեան համար երկու պատճառ կու տայ՝ երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելու հրամայականը ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ <<Մինչդեռ, ամէն անգամ, երբ կայունութեան մասին կը խօսուի, անկայուն վիճակ կը ստեղծուի, իսկ ահաբեկչութիւնը կառավարութեան սխալ քաղաքականութեան պատճառով է որ տակաւին չէ անհետացած։ Ուստի, երկու պատճառաբանութիւններն ալ անհիմն են>>, բացատրեց ան։

Տողան նաեւ ըսաւ, որ փոքրամասնութիւնները կրնան ապրիլ ու գոյատեւել միայն այն երկիրներուն մէջ, ուր օրէնքները կը զօրացնեն միասին ապրելու մշակոյթը։ Ան յիշեցուց, որ այսօր իսկ կառավարութիւնը չի ճանչնար ալաուիներուն աղօթատեղիները, իսկ հազարաւոր բողոքականներ չեն կրնար բանալ օրինաւոր եկեղեցիներ ու տուներու մէջ կը ջանան կատարել իրենց կրօնական արարողութիւնները։ <<Եթէ հանրաքուէի սնտուկներէն աւելի շատ <<այո>> դուրս գայ, մեր իրաւունքներու դաշտը շատ պիտի փոքրանայ>>, շեշտեց Տողան, կոչ ընելով ընտրողներուն, որ <<ո՛>>չ ըսեն հանրաքուէին օրը, որ քրիստոնեաներու ամէնէն սրբազան օրերէն մէկն է՝ Զատկուան օրը։ <<Իշխանութիւնները այս կէտն անգամ նկատի չեն առած>>, աւելցուց ան։

<<Մտահոգ ենք, բայց այս հողերէն հեռանալ չենք ուզեր>>, եզրակացուց Տողան։

Նշենք, որ Տողանի կուսակցապետը՝ Քեմալ Քըլըճտարօղլու, երկար ատենէ ի վեր ծանր պայքար կը մղէ նախագահական դրութեան հաստատման դէմ։

 



comments