By Asbarez | Tuesday, 28 February 2017
ԹԵՀՐԱՆ - Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ <<Իրան>> օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Իրանի հասցէին վերջերս կատարուած <<անպատասխանատու յայտարարութիւնները>>:
Զարիֆ ըսաւ, որ Թուրքիան <<տկար յիշողութեամբ եւ ապերախտ դրացի մըն է>>, եւ աւելցուց. <<Կը խղճանք այդ երկիրի կառավարութեան>>։
Ան յայտնեց. <<Իրան այս շրջանին բարիքն ու կայունացումը կ՛ուզէ եւ երբեք չէ փորձած անցեալին անոնց (թուրքերուն) կատարածին համար վրէժ լուծել անոնցմէ>>:
Զարիֆ, անդրադառնալով նաեւ Միւնիխի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Իրանի ուղղուած քննադատութիւններուն՝ յայտնեց. <<Ազդեցիկ այդ երկիրներուն ջանքերը ձախողեցան, եւ անոնք մութ փապուղի մուտք գործեցին>>: Ապա աւելցուց, որ նշեալ երկիրները այժմ տկարացած են՝ Իրանի բաղդատմամբ:
Զարիֆ նաեւ նշեց, որ մինչ Իրան կը փորձէ ճամբաներ փնտռել շրջանային խնդիրները լուծելու համար, Թուրքիա կը խառնէ բոլոր խաղաքարտերը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ