By Asbarez | Wednesday, 01 March 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Փետրուար 27ին պարզուեցաւ Քիւրտիստանի դրօշակը։ Այս մէկը հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի դրօշակն է, որ թէ՛ Պոլսոյ, եւ թէ Անգարայի օդակայաններուն մէջ պարզուեցաւ՝ այդ շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի Թուրքիա այցելութեան առիթով։
Պարզանի Անգարայի մէջ տեսակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Եըլտըրըմի հետ, քննելով ապահովական եւ տնտեսական հարցեր։
Քիւրտիստանի դրօշակի մը պարզումը զարմանք ու վերապահութիւն ստեղծեց ազգայնամոլ շրջանակներու մօտ, որոնք ցարդ <<քուրջի կտոր>> կ՛անուանէին քիւրտերու կամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դրօշակները։
Արդէն իսկ բողոքներ կատարուած են այդ դրօշակներուն դէմ։ <<Սէօզճիւ>> թերթը կը գրէ, որ հսկողութեան տակ առնուած են ազգայնամոլ կուսակցութեան մը կարգ մը անդամները, որոնք բողոքի ցոյց կատարած էին քրտական դրօշակին դէմ։
Կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ շեշտեցին, թէ այս քայլը՝ հանրաքուէին նախօրեակին, քիւրտերը սիրաշահելու քայլ մըն է, որպէսզի անոնք <<այո՛>> քուէարկեն նախագահական դրութեան համար կայանալիք հանրաքուէին ընթացքին։
Դրօշակի պարզումին գծով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ փոխվարչապետ Նուման Գուրթուլմուշ ըսաւ, որ սխալ է պնդել, թէ այդ դրօշակը կը կախուի առաջին անգամ, այլ Պարզանիի նախորդ այցելութեան ընթացքին եւս եղած են թէ՛ Քրտական ինքնավար մարզի, թէ՛ Իրաքի, եւ թէ Թուրքիոյ դրօշակները։
Միւս կողմէ, քրտական <<Ռատուա>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ իր այցելութեան ընթացքին, Պարզանի կոչ ըրած է Անգարայի իշխանութեանց, որ ազատ արձակեն բանտարկուած քիւրտ քաղաքական գործիչները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ