By Asbarez | Wednesday, 01 March 2017
ՊՐԻՒՔՍԷԼ - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներու հետ: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպման առիթով շնորհաւորած եւ խորհրդարանականներուն յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւները, որով պատգամաւորները անցեալ տարի պարգեւատրուած էին Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ, <<Եւրանեստ>> խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Ռիշարտ Չարնեցկի պարգեւատրուած է <<Մխիթար Գօշ>> մետալով: Այս պարգեւին արժանացած են նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի եւ <<Եւվրանեստ>> խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամներ Եացեկ Սարիուս-Վոլսքի, Քնութ Ֆլեքենշթայն, Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ֆրանք Էնկել, ԵԽ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամ, <<Եւրանեստ>> խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամ Եարոմիր Շթեթինա՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Հայաստան-ԵՄ խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամ, <<Եւրանեստ>> խորհրդարանական վեհաժողովի համանախագահ Հէյտի Հաութալա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
<<Մխիթար Գօշ>> մետալով պարգեւատրուած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ԵՄ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ էլենի Թէոխարուսը, որ Հայաստանի պետական այդ բարձր պարգեւին արժանացած է հայ-կիպրական բարեկամական կապերու զարգացման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար: Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Չարլզ Թանոքը պարգեւատրուած է <<Երախտագիտութեան>> մետալով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ