By Asbarez | Thursday, 02 March 2017
Տենիզ Եուճելը ազատ արձակելու պատգամ՝ Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան պատին վրայ
ՊԵՐԼԻՆ - <<Էյ.Պի.Սի.Նիուզ>> կը հաղորդէ, որ թրքական դատարանը բաւարարած է գերմանական <<Վելթ>> թերթի լրագրող Տենիզ Եուճելը կալանաւորելու մասին դատախազութեան դիմումը: Նշենք, որ լրագրողը ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Գերմանիոյ քաղաքացի է։
Թրքական <<Պիրկիւն>> թերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եուճելի կալանաւորման լուրը նկատած է ցաւալի եւ հիասթափեցնող, իսկ թրքական դատարանին որոշումը՝ չափազա՛նց խիստ: <<Կ՛ակնկալենք, որ Եուճելի դէմ մեղադրանք ներկայացուցած թրքական դատարանը հաշուի առնէ խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Յոյս ունինք, որ ան շուտով ազատ կ՛արձակուի>>, ըսած է Մերքել:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթի Շեֆեր իր կարգին կոչ ըրած է Անգարային, որ անյապաղ ազատ արձակէ Եուճելը, իսկ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ քննադատած է Թուրքիան՝ ըսելով, որ կարելի չէ արդարացնել Եուճելը այդքան ժամանակով ձերբակալուած պահելը:
Նաեւ, մօտաւորապէս 160 գերմանացի երեսփոխաններ, Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին կոչ ըրին աջակցելու Եուճելի ազատ արձակման:
Նշենք, որ լրագրողը Փետրուար 14ին ինքնակամ ներկայացած էր Պոլսոյ ոստիկանութիւն: Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը կարծեն, որ ան անդամ է ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ ընդգրկուած է քարոզչութիւն տարածելու աշխատանքին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ