Քալիֆորնիոյ մէջ արիւնալի բախումեր` Թրամփի համակիրներու Եւ ընդդիմադիրներու միջեւ

By Aztag Daily | Tuesday, 07 March 2017



Քալիֆորնիոյ Պըրքլի քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նահագահ Տանըլտ Թրամփի համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի ունեցան արիւնալի բախումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց հինգ անձեր:

Թրամփի համակիրները որոշած էին նախագահին զօրակցութեան քայլարշաւներ կատարել ի պատասխան ընտրութենէն ետք երկրի տարածքին անոր դէմ կատարուող ցոյցերուն: Մասնակիցներուն թիւը եղած է 200-300: Թրամփի համակիրները երկրի տարածքին նուազ քան մէկ շաբթուան ընթացքին փոքր քայլարշաւներ կազմակերպեցին:

Միացեալ Նահանգներու առնուազն 28 նահանգներու մէջ տեղի ունեցած <<Ամերիկայի ոգին>> խորագիրին տակ կատարուած քայլարշաւներու կազմակերպիչները յայտնեցին, որ աւելի տկար մասնակցութիւն կը նախատեսեն, քան այն մեծ հաւաքները, որոնք կատարուեցան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ այլ քաղաքներու մէջ` Թրամփի դէմ:

 

comments