Թուրքիոյ հարաւը Սուրիական կործանիչ մը ջախջախուած է

By Aztag Daily | Tuesday, 07 March 2017



Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հաստատեց, որ Սուրիոյ օդուժին պատկանող օդանաւ մը կործանուած է Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ:

<<ՌԻԱ Նովոսթի>>` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, հաղորդեց, որ Ահրար Շամ արմատական խմբաւորման զինեալները յայտարարած են, թէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը վար առած են սուրիական օդուժի <<Միկ-21>>-ը: Կը նշուի, որ օդաչուն անկարգելով էջք կատարած է Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

<<Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ ջախջախուած պատերազմական օդանաւը սուրիական է>>, ըսած է վարչապետը, ըստ որուն, վար առնուած կործանիչը ոչ թէ <<Միկ-21>> է, այլ` <<Միկ-23>>:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական իշխանութիւնները գտած են ջախջախուած օդանաւին սուրիացի օդաչուն, որ վիրաւոր է: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ օդանաւը Թուրքիոյ սահմանին մօտ հետախուզական առաքելութիւն կը կատարէր, երբ անոր հետ կապը խզուած է:

 

comments