By Aztag Daily | Tuesday, 07 March 2017

<<Մընպեժի վրայ սուրիական բանակի վերահսկողութեան հաստատման դէմ չենք>>, յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ` նշելով. <<Սուրիական հողերը պէտք է պատկանին սուրիացիներուն եւ անոնց վերահսկողութեան տակ ըլլան>>:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական բանակին <<Եփրատի վահան>> գործողութեան յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ Մընպեժ քաղաքը եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն կոչ ուղղած էր հեռանալու քաղաքէն:
Մինչ այդ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող Մընպեժի զինուորական խորհուրդի ղեկավար Ահմետ Մոհամետ <<Պի.Պի.Սի.>> ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ խորհուրդի զինեալները <<Եփրատի վահան>> գործողութեան մասնակից ուժերէն 14 զինուորներ սպաննած են, երբ վերջիններս մօտեցած են քաղաքին արեւմուտքը գտնուող գիւղերուն` աւելցնելով, որ երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումները կը շարունակուին:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յաջողած են վերատիրանալ Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մընպեժէն արեւմուտք գտնուող Ժապլէ Համրա գիւղին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ