By Asbarez | Tuesday, 07 March 2017

ՀՌՈՄ, <<Լա Սթամփա>> - Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած է Առաջին Աշխարհամարտին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Վատիկանի դիւանագիտական առաքելութեան մասին: <<Սուրբ Աթոռը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայերու Կոտորածը>> գիրքի հեղինակներն են Վալենտինա-Վարդուհի Կարախանեանն ու Օմար Վիկանօն:
Գիրքին առանցքը կը հանդիսանայ Պոլսոյ մէջ պապի բանագնաց, միսիոներ Անճելօ Մարիա Տոլչիի գործունէութիւնը:
Կոտորածի ենթարկուած հայերուն մեծ մասը Պոլիսէն հեռու՝ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն ըլլալով՝ Տոլչիի գործը բաւական դժուար եղած է: Այսուհանդերձ, երբ ան սկսած է հասկնալու, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ, ան շարունակած է ջանքեր թափել բանակցութիւններ վարելու ոչ միայն օսմանեան իշխանութիւններուն, այլեւ՝ անոնց աւստրիացի եւ գերմանացի դաշնակիցներուն հետ:
Տոլչիի նամակներէն կազմուած փաստաթուղթերէն պարզ կը դառնայ, թէ ինչ ջանքեր ան գործադրած է հայերու եւ այլ քրիստոնեաներու փրկութեան համար:
Գիրքը նուիրուած է 2015ին վախճանած կաթոլիկ հայերու պատրիարք <<Ներսէս Պետրոս 19րդի վառ յիշատակին>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ