Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ սպայակաոյտերու պետերու հանդիպում

By Asbarez | Wednesday, 08 March 2017

 

0308rus US Trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Մարտ 7ին, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերուն միջեւ, համակարգելու համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ շարունակուող պայքարը, եւ միջին եզրեր գտնելու համար այդ գծով կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն։

Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուական կայքին՝ Ճոզէֆ Տենֆորտի, Հուլուսի Աքարի եւ Վալերի Կերասիմովի միջեւ կայացած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւնները եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերեալ շարք մը այլ հարցեր: Հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն տարածած Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտի նախագահութիւնը տեղեկացուցած է, թէ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին Մարտ 8ին։

Նշենք, որ ամերիկեան ուժերու դաշնակից ուժերը, ներառեալ՝ քրտական, գրաւած են Մընպեճ քաղաքը, մտահոգութիւններ յառաջացնելով Անգարայի մօտ, որ իր կարգին կը պահանջէ քիւրտերուն հեռացումը այդ քաղաքէն։ Վերջին քանի մը օրերուն, քաղաքին մօտերը զինեալ բախումներ տեղի ունեցած էին Ամերիկայի դաշնակից եւ Թուրքիոյ դաշնակից սուրիական ուժերուն միջեւ։

 



comments