Կարապետեան եւ Մետվետեւ առանձնազրոյց ունեցած են

By Asbarez | Wednesday, 08 March 2017

0308medvedev

ՊԻՇՔԵՔ - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Պիշքեքի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է  Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տիմիթրի Մետվետեւի հետ:

Հայաստանի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը անդրադարձած են Յունուարին Հայաստանի վարչապետին՝ Ռուսիա պաշտօնական այցի արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, մասնաւորապէս՝ հայ-ռուսական ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման, Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին մէջ ռուսական ընկերութիւններու ներգրաւման, գիւղատնտեսական նշանակութեան սարքերու մատակարարման հարցերուն:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու հայ-ռուսական դաշնակցային գործակցութեան ընդլայնման ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ ԵԱՏՄ ծիրէն ներս առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ:

 

comments