Կարէն Կարապետեան կը մասնակցի Եւրասիական Խորհուրդի նիստին

By Asbarez | Wednesday, 08 March 2017

 

0308bishkek

ՊԻՇՔԵՔ, <<Հետք>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Ղրղզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ Երեքշաբթի, 7 Մարտին մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին:

Նեղ ու ընդլայնուած կազմերով  գումարուած նիստերուն ընթացքին քննարկուած են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու տնտեսութիւններու համարկման, փոխգործակցութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման առնչուող հարցեր:

Օրակարգային հարցերու շարքին, առանձնակի կարեւորութեամբ քննարկուած է ԵԱՏՄ-երրորդ երկիրներ առեւտրական բանակցութիւններու վարման ընթացքը, որուն առնչութեամբ հայկական կողմը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը՝ գործօն ներգրաւուածութիւն ունենալու եւ առաջ մղելու ԵԱՏՄ-Իրան բանակցային գործընթացը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նիստին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտնած է, որ <<Այս տարուայ մեր առաջին նիստն անցաւ կառուցողական մթնոլորտում, եւ այս հարթակը, որի շրջանակում լուծումներ են ստանում տնտեսական յարաբերութիւնների ակտիւացմանն ու խոչընդոտների վերացմանը վերաբերող հարցեր, ճիշդ հարթակ է: Մենք պէտք է առաջ շարժուենք այս ճանապարհով: Առաւել քան վստահ եմ, որ մենք դեռեւս լիարժէք չենք օգտագործում այն ներուժը, որը ենթադրում է Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Հայաստանը մտադիր է հետեւողական ու համակարգուած աշխատել այդ ուղղութեամբ>>:

Նիստի աւարտին ստորագրուած են օրակարգային հարցերու վերաբերեալ քննարկումներու արդիւնքները ամփոփող եւ այդ առումով ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու փոխգործակցութիւնը ամրագրող շարք մը փաստաթուղթեր:

 



comments