Հոլանտա եւս արգիլեց Չաւուշօղլուի հաւաքը

By Asbarez | Thursday, 09 March 2017

0307hollanda

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրք քաղաքագէտներու կողմէ սահմանադրական հանրաքուէին կապակցութեամբ Եւրոպայի մէջ կատարուելիք քարոզչական հանրահաւաքներէն ուրիշ մը եւս արգիլուեցաւ, այս անգամ՝ Հոլանտայի մէջ։ Հաւաքը պիտի կայանար Մարտ 11ին, մասնակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի։

Տեղական իշխանութիւններուն կողքին, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութ եւս դէմ արտայայտուած է այդ հաւաքին՝ շեշտելով, որ իր երկիրը հարթակ չի կրնար ըլլալ այլ երկիրներու քաղաքական քարոզարշաւներուն համար ու շեշտեց, որ այդպիսի նախաձեռնութիւններ անընդունելի են իրենց համար։

Նշենք, որ Եւրոխորհուրդի Վենետիկեան յանձնաժողովը, Թուրքիոյ մէջ կառավարման նախագահական համակարգի անցնիլը <<վտանգաւոր ետքայլ>> մը որակած է՝ շեշտելով, որ նախատեսուած նոր համակարգը <<բռնատիրական ու մենատիրական կառավարման համակարգ մը հաստատելու վտանգ կը սպառնայ>>։ Տեղեկագիրին մէջ անթոյլատրելի կը նկատուի նաեւ այդ հանրաքուէին կազմակերպումը զինուորական հարուածի փորձէն ետք հռչակուած արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն մէջ։

 



comments