By Asbarez | Friday, 10 March 2017
ՊԵՐԼԻՆ - <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ հանդիպում մը ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ, որուն ընթացքին Կապրիէլ ըսած է. <<Երկխօսութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի, որովհետեւ ատիկա է միակ ուղին, որով կրնանք քայլ առ քայլ վերադառնալ բնականոն եւ բարեկամական յարաբերութիւններու: Երկկողմանի յարաբերութիւններուն երկարատեւ վնաս պատճառելը ո՛չ Գերմանիոյ, ո՛չ ալ Թուրքիոյ շահերէն կը բխի>>:
Հանդիպումէն ետք գերմանական դիւանագիտութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ <<բանակցութիւնները դժուար էին>>, եւ աւելցուցած, թէ որեւէ վէճի պարագային, Անգարայի կողմէ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ նացիներուն միջեւ համեմատութիւն կատարելը՝ <<կարմի՛ր գիծ մըն է, որ պէտք չէ շրջանցել>>:
Թրքական <<Միլլիյէ>>չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կապրիէլ-Չաւուշօղլու հանդիպումէն ետք յայտնի դարձաւ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ խոստացած է, որ գերմանացի հիւպատոսները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելելու գերմանական <<Վել>>չ օրաթերթի բանտարկուած թուրք-գերմանացի լրագրող Տենիզ Եուճելին: Արդարեւ, հանդիպումին ժամանակ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը թրքական կողմէն պահանջած է գործադրել Եըլտըրըմի կողմէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին նախապէս տրուած խոստումը, որ կ՛առնչուէր Եուճելի հետ հիւպատոսներու տեսակցութիւնը արտօնելուն:
Թրքական <<Հապերլեր>> կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու Պերլինի մէջ կայացած զբօսաշրջութեան տօնավաճառին ընթացքին պատմած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպման մասին՝ յայտնելով, որ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այդ հանդիպման նպատակն էր՝ վերջին շրջանին թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութեան յաղթահարումը: <<Մենք Գերմանիոյ հետ մեր ճամբան կ՛ուզենք անցնիլ բարեկամաբար, սակայն Գերմանիա եւս պէտք է նման որոշում տայ>>, ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ հանդիպման ժամանակ իր գործընկերը բաւական դրական տեսակէտներ յայտնած է թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ: <<Մենք Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած որեւէ ընտրութեան չենք միջամտած, Գերմանիան եւս պէտք չէ միջամտէ մեր ընտրութիւններուն, որովհետեւ ասիկա ներքին հարց է>>, նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ