By Asbarez | Friday, 10 March 2017

Ամերիկացի զինուորները Մընպեճի մօտերը
ԱՆԳԱՐԱ, ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ֆայնենշըլ Թայմզ>> - Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Մարտ 9ին ազդարարեց, թէ հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութենէն ազատագրելու գործողութեան համար ամերիկեան եւ քրտական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը կրնայ <<լուրջ վնաս հասցնել>> Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն։
<<Ամերիկեան իշխանութիւնները որոշած են քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները օգտագործել՝ <<Իսլամական պետութիւն>>ը Ռաքքայէն վտարելու գործողութեան մէջ, քայլ մը, որ ձախողութեան կրնայ մատնել Թուրքիոյ ջանքերը: Ամերիկեան իշխանութիւնները, նոյն ատեն, այդ ջոկատներուն զէնք կը մատակարարեն՝ Թուրքիոյ հետ գործակցելու փոխարէն>>, ըսաւ ան:
<<Եթէ այդ գործողութիւնը այս ձեւով ընթանայ, ապա հետեւանքներ պիտի ունենայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, որովհետեւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական խմբաւորում մըն է, եւ մենք այդ մէկը ըսած ենք բոլոր հարթակներուն վրայ>>, պնդեց Եըլտըրըմ՝ աւելցնելով. <<Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները պէտք է համակարգում կատարեն՝ Սուրիան ահաբեկչական խմբաւորումներէ մաքրագործելու համար>>:
Յայտնենք, որ ամերիկացի հրամանատարներ մէկ օր առաջ հաստատած էին, թէ մօտաւորապէս 400 ամերիկացի զինուորներ այդ շրջանը կը գտնուին՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ գործակցաբար Ռաքքան գրաւելու գործողութիւնը համակարգելու համար։ Նշենք, որ քրտական ուժերը կ՛առաջնորդեն <<Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր>> անունով մկրտուած այս դաշինքը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ