By Asbarez | Friday, 10 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիաս Մարտ 9ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրեց յուշարձանին մօտ եւ յաւերժական կրակին մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնարկի (ՀՑԹԻ) տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ Նիքոս Քոծիաս շրջեցաւ թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան, ողբերգական դրուագներուն եւ իրողութիւններուն:
Հրաժեշտէն առաջ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիաս գրութիւն մը արձանագրեց պատուաւոր հիւրերու Յուշամատեանին մէջ, որմէ ետք ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեան անոր նուիրեց <<Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերուն>> գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ