By Asbarez | Friday, 10 March 2017
ՌՈՍԹՈՎ - Մարտ 9ին, եւրոպական ակումբներու <<Եուրոփա>> մրցաշարքի ծիրէն ներս տեղի ունեցան 1-16րդ հանգրուանի ճակատումները:
<<Մանչեսթըր Եունայթըտ>>ը, որ Ռուսիոյ մէջ հիւրը եղաւ <<Ռոսթով>>ին, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց:
Մրցումին հաշիւը 35րդ վայրկեանին բացաւ <<Մանչեսթըր Եունայթըտ>>ի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Մխիթարեան, որ վերջին երկու մրցումներէն կը բացակայէր՝ վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով, 67րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:
Հայաստանի հաւաքականի խմբապետին նշանակած այս կօլը զինք դարձուց՝ 2010էն ի վեր այդ խումբին միակ խաղացողը, որ եւրոպական մրցաշարքերու մէջ յաջորդաբար երեք մրցումի ընթացքին կօլ կը նշանակէ:
1-16րդ հանգրուանի երթի 8 մրցումներէն ետք կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, Մխիթարեան այդ հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստներու ցանկին վրայ գրաւեց երրորդ դիրքը՝ խլելով քուէներուն 23 տոկոսը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ