By Asbarez | Friday, 10 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ռուսիա մտադիր է շարունակել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ իր միջնորդական առաքելութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ գործակցաբար. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
Զախարովա յիշեցուցած է նաեւ, որ Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն համատեղ յայտարարութեանց մէջ քանի մը առիթներով ըսուած է, թէ տագնապին ռազմական լուծումը անթոյլատրելի է, եւ թէ անոնց մէջ շեշտուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պէտք է հարցը լուծեն առանց ուժ կիրառելու:
<<Եռեակին կողմէ համաձայնեցուած մօտեցումներուն զուգահեռ, կը շարունակուին նաեւ Ռուսիոյ ինքնուրոյն ջանքերը՝ հաշուի առնելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ յատկապէս մտերիմ յարաբերութիւնները, որոնք թոյլ կու տան անկեղծ կարծիքներ փոխանակել գլխաւոր հարցերու շուրջ>>, աւելցուցած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ