Դէտերու տեղակայումը կը հակասէ Մինսկի գործընթացին. Պաքու

By Asbarez | Friday, 10 March 2017

 

0311karabakh

ԵՐԵՒԱՆ, <<Սիվիլնեթ>> - ԵԱՀԿի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցչութիւնը նոյն կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդին դիմում յղած է՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բովանդակային բանակցութիւններ կատարելու կարեւորութեան մասին: Դիմումին մէջ ատրպէյճանական կողմը կը պարզաբանէ, թէ ինչո՛ւ է դէմ ղարաբաղեան շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿի դէտերու տեղակայման: Պաքու կը պնդէ, որ <<նախքան գրաւեալ տարածքներէն հայկական զինուած ուժերու դուրս բերումը>>՝ դիտորդներուն տեղակայումը կրնայ յանգեցնել <<Ներկայ իրավիճակին ամրապնդման եւ հակամարտութեան ձգձգման>>:

<<Ատրպէյճան չի կրնար ընդունիլ նման քայլ մը, որովհետեւ անիկա ընդհանուր առմամբ կը հակասէ Մինսկի գործընթացին նպատակներուն>>, ըսուած է դիմումին մէջ:

Նշելով, որ անցեալ տարի կողմերը համաձայնութեան հասած էին ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին ընդլայնման ու հրադադարի խախտումներու հետաքննութեանց համակարգի վերջնականացման շուրջ՝ ատրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է. <<Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպման, սակայն, հետաքննութեան համակարգի վերջնականացումը յետաձգուեցաւ՝ ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերու դուրս բերման առնչութեամբ տարակարծութեան պատճառով>>:

Ներկայացուցչութիւնը ապա կը նշէ, թէ այնուհետեւ, շփման գիծին վրայ արձանագրուած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի <<աշխատանքային ոճի փոփոխութիւն>>՝ պնդելով, որ անիկա չի համապատասխաներ նախագահներու մակարդակով կայացուած համաձայնութիւններուն:

<<Այս պատճառով ալ, գրասենեակի լիազօրութիւնները ընդարձակելու հարցը չէ լուծուած, իսկ Հայաստան սկսած է օգտուելու տուեալ իրավիճակէն՝ բովանդակային բանակցութիւններէն խուսափելու համար>>, եզրակացուցած է ատրպէյճանական կողմը:

Նշենք, որ 2016ի գործունէութիւնը ամփոփող ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած էր, որ Պաքու հարցականի տակ դրած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, կամ ալ այն աստիճանի աղաւաղած է զանոնք, որ եռանախագահող երկիրները զայն կոչած են՝ այլասերուած: Միջադէպերու հետաքննութեան համակարգի ստեղծումն ու ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբին հնարաւորութիւններուն եւ լիազօրութիւններուն ընդլայնումը, ըստ Նալբանդեանի, այն գլխաւոր ուղղութիւններն են, որոնցմով կ՛ուղորդուին եռանախագահներն ու Հայաստանը:

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներէն՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, անցեալ Յունուարին յայտարարած էր, թէ միջադէպերու հետաքննութեան համակարգը եւ շփման գիծին վրայ դիտորդներու հաստատումը չէ՛ իրականացած, քանի որ ԵԱՀԿի մէջ այդ հարցին շուրջ համախոհութիւն չկայ:

 



comments