Էրտողան Մոսկուայի մէջ Արցախի հարցը քննարկած է Փութինի հետ

By Asbarez | Friday, 10 March 2017

0311erdo_put

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Թասս>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մարտ 10ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ: Նախագահները քննեցին գլխաւորաբար Սուրիոյ եւ տարածաշրջանային այլ տագնապներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու կարելիութիւնները։ Քննարկուեցան նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Այցելութեան նպատակն էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնել:

Քննարկումին ընթացքին, Էրտողան օրակարգի բերած է նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու հարցը՝ ըսելով, որ այդ հարցին լուծումը յոյժ կարեւոր է շրջանին համար, յոյս յայտնելով, որ Ռուսիա դրական դերակատարութիւն կ՛ունենայ տագնապը մօտիկ ապագային լուծելու ջանքերուն մէջ։

 



comments