Հոլանտ առաջարկած է Արցախի ինքնորոշման մասին հանրաքուէ կազմակերպել. Մ. Փափազեան

By Asbarez | Tuesday, 14 March 2017



ԵՐԵՒԱՆ - <<Փարիզի մէջ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը թարմացուց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ մշակութային կապերը>>, ամփոփելով Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսուա Հոլանտի հանդիպումը՝ յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութեանց համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան։

<<Ֆրանսայի հայ համայնքը լաւ կապեր ունի Հայաստանի կառավարութեան հետ, իսկ մեր ներդրումով՝ Հայաստանի հետ Ֆրանսայի կապերը աւելիո՛վ պիտի լաւանան>>, ըսաւ ան:

Փափազեան նշեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու մարզը բարելաւուի, մեծ թիւով ֆրանսահայեր ներդրումներ պիտի ունենան այնտեղ: <<Պէտք է իրաւական հիմքի վրայ դրուի այդ մարզը, նաեւ պէտք է շահիլ ընկերութիւններու վստահութիւնը, որպէսզի նաեւ ֆրանսահայ գործարարները Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարեն>>, յայտնեց ան:

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահները իրենց հանդիպման ընթացքին քննած են նաեւ Արցախի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր: Փափազեան այս մասին խօսելով՝ ըսաւ, որ յստա՛կ է Ֆրանսուա Հոլանտի դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ Մատրիտեան սկզբունքները պէտք է յարգուին:

<<Ան փափաք յայտնեց, որ հասնինք Արցախի ինքնորոշման հանրաքուէին, այնուհետեւ՝ Արցախի շուրջ եղած հինգ տարածքները Ատրպէյճանին յանձնելուն, ո՛չ թէ եօթը, այլ՝ հի՛նգ: Ասիկա Հոլանտի առաջարկն է, զոր ինք ներկայացուցած է բանակցող կողմերուն, բայց թէ այդ մէկը ընդունելի՞ է… անիկա միայն Արցախի ժողովուրդը կրնայ որոշել: Այդ պատճառով ալ մենք կը պնդենք, որ Արցախի իշխանութիւնները պէ՛տք է բանակցութիւններուն մաս կազմեն>>, ըսաւ Փափազեան:

Ան նաեւ մատնանշեց, որ Արցախի ժողովուրդը արդէն իսկ իր որոշումը տուած է, սակայն միջազգային հանրութիւնը այդ հանրաքուէն չի ճանաչնար: <<Հիմա, երբ կայ առաջարկ՝ հանրաքուէն միջազգայնօրէն կատարելու, այդ մէկը լա՛ւ է>>, աւելցուց Փափազեան: Փափազեան ապա անդրադարձաւ Մարտ 14ին կայանալիք Ատրպէյճանի նախագահի Ֆրանսա այցին: <<Ան եւս Արցախի հակամարտութեան վերաբերող օրակարգով կու գայ Ֆրանսա>>, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը՝ աւելցնելով, որ հայ համայնքը մտադիր է այդ այցը դատապարտող բողոքի ցոյցեր կատարել: Ան կարեւոր նկատեց Ֆրանսուա Հոլանտի այն խօսքը, թէ պէ՛տք է պատժուի յարձակող կողմը: <<Հոլանտ համաձայն է, որ սահմանին վրայ վերահսկող մարմիններ ըլլան, որպէսզի իմանան, թէ ո՞վ խախտեց հրադադարը>>, եզրափակեց Փափազեան:

 

comments