By Asbarez | Tuesday, 14 March 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները մտադիր է Ռաքքան <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներէն ազատագրել՝ միջազգային դաշինքի գործընկերներուն հետ գործակցաբար: <<Կը շարունակենք Ռաքքայի ազատագրման յաջորդող հանգրուանը ծրագրել՝ դաշինքի անդամ մեր դաշնակիցներուն հետ, մասնաւորաբար՝ Թուրքիոյ հետ>>, նշեց նախարարութիւնը՝ փորձելով մեղմացնել Ուաշինկթընի եւ Սուրիոյ քիւրտերուն գործակցութեամբ Ռաքքան գրաւելու ջանքերուն նկատմամբ Անգարայի մտավախութիւնները:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիա պիտի չմասնակցի Մարտ 22ին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած եւ 68 երկիրներու մասնակցութեամբ կայանալիք՝ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի ժողովին, որովհետեւ Ռուսիա մաս չի կազմեր ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին:
Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Թալալ Սիլօ յայտնեց, թէ իրենց մօտ ամերիկեան ուժերուն ամրապնդումը հետեւանք է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ անցեալ ամիս յայտարարած Ռաքքան ազատագրելու ծրագիրին: Սիլօ <<Շարք Աուսաթ>> օրաթերթին ըսաւ, որ իրենց տեսած սպառազինութիւնը զրահապատ մեքենաներ են, իսկ ամերիկացիները յայտարարած են նաեւ շրջանին մէջ նոր հրետանիներու տեղակայման մասին: Ան ըսաւ, որ այդ աջակցութիւնը պիտի շրջէ Ռաքքայի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ պիտի արտօնէ, որ քաղաքին մեկուսացումը արագանայ:
<<Նախապէս կը գանգատէինք աջակցութեան սակաւութենէն: Այսօր հարցը փոխուած է, եւ Ռաքքայի վրայ վերահսկողութեան հաստատումը դարձած է մօտալուտ>>, աւելցուց Սիլօ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ