By Asbarez | Wednesday, 15 March 2017
ԱՍԹԱՆԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Երեքշաբթի, Մարտ 14ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ սկսաւ սուրիական տագնապին նուիրուած միջազգային երկօրեայ ժողովը, սակայն՝ առանց ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն։
Արդարեւ, Սուրիոյ ընդդիմութիւնը հրաժարած է բանակցութուններուն մասնակցելէն՝ պատճառաբանելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցող Ռուսիան կը շարունակէ ռմբակոծել ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները։
Մոսկուա, իր կարգին, <<ոչ համոզի>>չ որակեց այս պատճառաբանութիւնը, մինչ Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի յայտարարեց, թէ ընդդիմադիրներուն դաշնակից Թուրքիան, Ասթանայի գործընթացին նկատմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները անտեսած է, որովհետեւ չէ կրցած համոզել ընդդիմութիւնը, որ բանակցութեանց ներկայանայ։
Նշենք, որ Յունուարին եւ Փետրուարին նման հանդիպումներ տեղի ունեցած էին Ասթանայի մէջ, մասնակցութեամբ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ