ՄԱԿը Թուրքիայէն կը պահանջէ Քրտաբնակ շրջաններուն մէջ սպանութիւնները հետախուզել

By Asbarez | Wednesday, 15 March 2017

Children walk past by damaged buildings in Sur district, which is partially under curfew, in the Kurdish-dominated southeastern city of Diyarbakir, Turkey February 19, 2016. Three Turkish soldiers were killed and four others were lightly injured after a building collapsed in the southeast, where security forces have been clashing with Kurdish militants for months. The building toppled in the Sur district of Diyarbakir province, where a curfew has been in place for almost three months and more than 200 militants and security personnel have been killed, according to the Turkish army. The military did not give a reason for the collapse. REUTERS/Sertac Kayar

ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու գրասենեակը զեկոյց մը պատրաստած է՝ 2015-2016ին Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ապահովական ուժերուն իրականացուցած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն եւ զոհերուն մասին:

Ըստ զեկոյցին՝ նշեալ գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած է առնուազն 2000 մարդ եւ արձանագրուած են մարդկային իրաւանց բազմաթիւ խախտումներ: Զոհերէն 800ը ոստիկաններ կամ զինուորներ եղած են, իսկ 1200ը՝ քաղաքայիններ կամ քիւրտ զինեալներ:

Նաեւ, նոյն ժամանակամիջոցին, մօտաւորապէս 500,000 հոգի (մեծամասնութեամբ՝ քիւրտ) տեղահան եղած է, իսկ բանակին կողմէ ծանր ռմբակոծումներուն պատճառով, բազմաթիւ բնակելի շէնքեր քանդուած են:

ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ Հուսէյն անյապաղ հետաքննութիւն պահանջած է Անգարայի իշխանութիւններէն՝ մտահոգիչ համարելով այն, որ ցարդ տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ որեւէ հետաքննութիւն չէ սկսած:

 



comments