Հոլանտ՝ Ալիեւին. Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով չի կրնար կարգաւորուիլ

By Asbarez | Thursday, 16 March 2017



ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ համոզուած է, որ վաղուց եկած է ժամանակը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման համար ուղիներ գտնելու եւ տագնապին հանգուցալուծման հասնելու: Հոլանտ այս հաստատումը Մարտ 15ին կատարած է, պաշտօնական այցով մը Փարիզ գտնուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին։

Նշելով, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին 23 տարիէ ի վեր եւ կողմերը տակաւին չեն հասած որեւէ արդիւնքի՝ Հոլանտ ըսած է. <<Չկայ աւելի վատ բան, քան՝ անփոփոխ իրավիճակը: 2016ի Ապրիլին եւ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած բախումները կը հաստատեն, թէ այս հակամարտութիւնը երբե՛ք չէ դադրած>>:

Ֆրանսայի նախագահը յիշեցուցած է, որ իր երկիրը որքա՛ն ջանքեր կը ներդնէ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ, այս տագնապին կարգաւորման ուղղութեամբ:

<<Ըսած եմ քանի օր առաջ Փարիզ ժամանած նախագահ Սարգսեանին եւ կը կրկնեմ նաեւ ձեր առջեւ. այս հակամարտութիւնը չի՛ կրնար կարգաւորուիլ ռազմական ճանապարհով: Ֆրանսա՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, անխոնջ կերպով պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել: Այդ ջանքերը հիմնուած են տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ ռազմական ուղիներէ խուսափելու վրայ: Ֆրանսա պատրաստ է որեւէ նախաձեռնութիւն ստանձնելու՝ այս ծիրէն ներս>>, ըսած է Հոլանտ:

ԱԼԻԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑԱԾ Է ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

ՓԱՐԻԶ, <<Նոր Յառաջ>>.- Պաշտօնական այցով Ֆրանսա ժամանած Ատրպէյճանի նախագահը Մարտ 14ին, ֆրանսացի գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին, զգուշացուցած է այն ֆրանսական ընկերութիւնները, որոնք <<ապօրինի գործունէութիւն>> կը ծաւալեն Արցախի մէջ: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես եւրոպական, ի շարս որոնց նաեւ ֆրանսական կարգ մը ընկերութիւններու՝ Արցախի մէջ տարած գործունէութեան: Ալիեւ <<անընդունելի>> համարած է նման գործունէութիւն՝ նշելով, որ այդպիսով՝ <<կը խախտուին միջազգային չափանիշները>>: <<Ես իմ պարտքը կը համարեմ զգուշացնել զանոնք՝ զե՛րծ մնալ նման գործունէութենէ>>, խրատած է ան:

 

comments

Advertisement