Պաքու կը բողոքէ Արցախի նախարարին Յունաստան այցելութեան դէմ

By Asbarez | Tuesday, 21 March 2017


63710

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Պաքուի մօտ Յունաստանի դեսպան Տիմիթրոս Ցունկասին եւ անոր բողոք ներկայացուած է՝ <<ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներուն մէջ ստեղծուած անջատողական կառավարութեան ներկայացուցիչին>> Յունաստան կատարած այցելութեան առնչութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան անցեալ շաբաթ Յունաստան այցելած էր, տեսակցութիւններ ունենալու համար շարք մը քաղաքական գործիչներու եւ հայ համայնքին հետ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ յոյն դեսպանը յայտնած է, որ Յունաստան կ՛աջակցի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ խոստանալով Աթէնքին փոխանցել ատրպէյճանական կողմի դժգոհութիւնը:

 

comments

Advertisement