Սուրիական բանակը ետ մղած է Դամասկոսի վրայ Ճապհաթ Նուսրա-ի յարձակումը

By Asbarez | Tuesday, 21 March 2017

 

0321Damas

ՊԷՅՐՈՒԹ - <<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը Մարտ 19ին եւ 20ին ետ մղած է Դամասկոսի հիւսիս-արեւելեան արուարձաններուն վրայ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի եւ անոր դաշնակից այլ զինեալ խմբաւորումներուն շղթայազերծած յարձակումը:

Սուրիական բանակը բախում ունեցած է ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ, որոնք Կիրակի արշալոյսին ներթափանցած են Ճոպար շրջանին մէջ երկու զինուորական կէտեր եւ անոնց մօտակայ բնակելի շէնքերը: Սուրիական բանակը նաեւ յաջողած է վնասազերծել երկու ականուած ինքնաշարժներ՝ նախքան անոնց մօտենալը զինուորական կէտերուն:

Սուրիական բանակը կրցած է նաեւ Քապուն շրջանի թաղամասերէն ետ մղել ահաբեկչական յարձակումի փորձերը, որոնք կատարուած են <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի կողմէ: Սուրիական ուժերու օդային եւ թնդանօթային ռմբակոծումներուն թիրախ դարձած են բախումի գիծերը:

Բանակը զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած է փապուղիներու ցանցի մը ճամբով ներթափանցած զինեալներու շարքերուն մէջ։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին ծանօթ աղբիւր մը <<Ինթըրֆաքս>> լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ապրիլ 18-19ին, Թեհրանի մէջ Սուրիոյ հարցով դռնփակ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ՝ փորձագէտներու մակարդակով:

<<Անիկա տեղի պիտի ունենայ երաշխաւոր երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի, զինուորական փորձագէտներու մակարդակով, առանց ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեան>>, ըսած է աղբիւրը: Ան յայտնած է նաեւ, որ խորհրդակցութիւններուն նպատակն է Մայիս 3-4ին, Ասթանայի մէջ կայանալիք հանդիպումին համար շարք մը փաստաթուղթեր պատրաստել:

 



comments

Advertisement