Թուրքիա Եւրոմիութեան որդեգրած ուղիէն ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը քալէ

By Asbarez | Tuesday, 21 March 2017

0321Tajani

ՀՌՈՄ, <<Ռոյթըրզ>> - Եւրոխորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թաժանի, Իտալիոյ պետական հեռատեսիլէն սփռուած հաղորդումի մը ընթացքին ակնարկութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հասցէին ու ըսաւ, որ ընդունելի չէ, որ այդ երկրին մէջ լրագրող մը ձերբակալուի՝ իր գրածին համար։ <<Ես ալ ատենօք լրագրող էի, ուրեմն՝ կրնայի ձերբակալուիլ թուրքերու կողմէ>>, նշեց ան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա հիմա Եւրոմիութեան ընդունած ճամբուն ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը քալէ։

Իր կարգին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ Թուրքիան աւելի քան երբեւիցէ հեռու է Եւրոմիութեան անդամ դառնալէն, իսկ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր, հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ քանի որ տակաւին Թուրքիա չի փափաքիր առաջնորդուիլ եւրոպական չափանիշներով, այդ երկիրը Եւրոմիութեան մէջ տեղ չունի:

 



comments

Advertisement