Սուրիական բանակը վար առած է Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը

By Asbarez | Thursday, 23 March 2017

0323isra Drone

ՊԷՅՐՈՒԹ - <<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են Քընէյթրա քաղաքին վերեւը թռիչք կատարող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:

Դամասկոս կը հաղորդէ, որ սարքը վար առնուած է՝ Սուրիոյ օդային տարածքը խախտելուն համար:

Իսրայէլեան բանակը Մարտ 21ին հաստատեց Սուրիոյ մէջ մարտավարական հետախուզական անօդաչու թռչող սարքի մը կորուստը։

 



comments

Advertisement