Գերմանիա երկկողմանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս չպատճառելու կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ

By Asbarez | Thursday, 23 March 2017

 

0323Merkel

ՊԵՐԼԻՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Գերմանիա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց իր յայտարարութիւնները մեղմացնելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս պատճառելէն զգուշանալու:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը ամբաստանած էր <<նացիական գործելաոճ կիրարկելու>> յանցանքով։

Մերքել, անդրադառնալով թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններուն՝ ըսաւ. <<Տակաւին ի զօրու է իմ այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ կողմէ հնչող՝ նացիներու հետ համեմատութիւնները պէտք է դադրին: Դժբախտաբար, այդ համեմատութիւնները չեն դադրած, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ <<Նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը>> պատրուակը շահագործուի՝ անտեսելով նացիներուն կողմէ հալածուածներուն ու սպաննուածներուն տառապանքը>>:

Իր կարգին, Գերմանիոյ խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութեան թուրք ծագումով երեսփոխան Ճեմիլէ Եուսուֆ յայտարարեց, որ Էրտողան ներողութիւն պէտք է խնդրէ Գերմանիոյ վարչապետէն։ Եուսուֆ դիտել տուաւ, որ Էրտողանի խօսքերը անհիմն են ու դժգոհութիւն յառաջացուցած են նաեւ գերմանաբնակ թուրքերու մօտ։ <<Այդպիսի մեղադրանքներ վնաս կը պատճառեն գերմանացի թուրքերու հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ՝ գերմանաբնակ թուրքերու եւ գերմանացիներու յարաբերութիւններուն>>, ըսաւ Եուսուֆ։

 



comments

Advertisement