Արձակազէնի մը կողմէ Թուրք զինուորի մը սպանութեան հակադարձելով. Թրքական բանակը ռմբակոծած է Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ Քրտական ուժերու դիրքերը

By Aztag Daily | Friday, 24 March 2017


Թրքական բանակը յայտարարեց, որ Ալեքսանտրեթի մէջ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ սուրիական կողմէն կատարուած արձակազինութեան մը պատճառով սպաննուած է թուրք զինուոր մը` նշելով, որ հրացանաձգութեան հակադարձած է:

Թրքական զինուորական աղբիւր մը ռուսական <<Սփութնիք” լրատու գործակալութեան յայտնած է. <<Թրքական հրետանին այս առաւօտեան, սուրիական կողմէն թուրք զինուորի մը սպանութեան պատճառ դարձած հրացանաձգութեան լոյսին տակ, ռմբակոծած է Սուրիոյ հետ հարաւային սահմանին վրայ գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն պատկանող դիրքեր”:

Աղբիւրը նշեց, որ թրքական ուժերը հրետանիով ռմբակոծած են քրտական ուժերուն` Աֆրին քաղաքի մօտ գտնուող, սահմանին վրայ եղող դիրքերը:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Ռեհանիյէի շրջանէն եղած հրացանաձգութեան պատճառով սպաննուած թուրք զինուորը սուրիական Աթմա գիւղին սահմանակից Պիւքիւլմազի ոստիկանատան մէջ պաշտօնեայ էր:

 

comments

Advertisement