Թրամփի դուստրը Սպիտակ Տան մէջ գրասենեակ կը ստանայ

By Asbarez | Friday, 24 March 2017

0324ivanka

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էն.Փի.Առ.>> - Նախագահ Տանըլտ Թրամփի դուստրը՝ Իվանքան, որ արդէն իսկ հարցականներ ստեղծած էր օտար երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ իր հօր հանդիպումներուն մասնակցելով եւ Սպիտակ տան բանբերին կողմէ իր արտադրութեանց ծանուցումը վայելելուն համար, այժմ դարձեալ լուսարձակի տակ է՝ արտասովոր այլ որոշումի մը պատճառով։ Արդարեւ, հայր Թրամփը որոշած է Սպիտակ տան արեւմտեան բաժինին մէջ գրասենեակ մը յատկացնել Իվանքային, հակառակ անոր որ վերջինս որեւէ պաշտօնական դիրք չունի։ Նշենք, թէ անոր ամուսինը Թրամփի կարեւորագոյն խորհրդականներէն մէկն է։

Աւելի մտահոգիչ է այն իրողութիւնը, որ Իվանքան պիտի ստանայ գաղտնի տեղեկութիւններու հասանելիութիւն, ինչ որ աննախընթաց երեւոյթ մըն է երկրի պատմութեան մէջ ու անգամ մը եւս հարցականի տակ կ՛առնէ ներկայ վարչակազմին բարոյական չափանիշները։

 



comments