Թուրքիա Ռուսիոյ կը բողոքէ՝ Սուրիայէն կատարուած յարձակումին համար

By Asbarez | Friday, 24 March 2017

 

0324rus kurd

ԱՆԳԱՐԱ, <<Հիւրրիյէթ>> - Մարտ 23ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Ռուսիոյ դեսպանի պաշտօնակատարը, որուն փոխանցուեցաւ Անգարայի պաշտօնական բողոքը՝ մէկ օր առաջ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած պատահարին համար։ Մարտ 22ին, Ալեքսանտրէթի մէջ, Սուրիոյ սահմանին վրայ սուրիական կողմէն կատարուած արձակազինութեան մը պատճառով սպաննուեցաւ թուրք զինուոր մը, որմէ ետք թրքական բանակը հրացանաձգութեան հակադարձեց՝ հրետանիով ռմբակոծելով Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն պատկանող Աֆրին քաղաքին մօտերը գտնուող դիրքերը:

Թրքական բողոքին հիմնական պատճառը այն էր, որ շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ ռուսական ուժեր, որոնք սկսած են մարզելու <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարող քրտական ուժերը։

 



comments