By Asbarez | Saturday, 25 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան <<Միր>> հեռատեսիլի ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է <<Իսլամական պետութիւն>> (ԻՊ) կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ անոր մէջ ընդգրկուած պետութիւններուն դերը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին գծով՝ նախագահ Սարգսեան նշած է. <<Մենք կարող էինք առաւել ակտիւօրէն օգնել Ռուսաստանի զինուած ուժերին այդ մեծ ու կարեւոր խնդիրն իրականացնելիս>>:
Նախագահին համաձայն՝ Ռուսիան մեծ ներդրում ունի այդ պայքարին մէջ եւ <<մենք, ես եւս մէկ անգամ կրկնում ենք, պէտք է այդ պատասխանատուութեան եւ ջանքերի մի մասը կրենք>>:
Նախագահը շեշտած է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է <<Իսլամական պետութեան>> չէզոքացումը նաեւ այն պատճառով, որ Միջին Արեւելքի մէջ կը բնակին մեծ թիւով հայեր: Յայտնի է, թէ ԻՊը յատկապէս որքան դաժան կը վարուի ընդդէմ ազգային փոքրամասնութիւններուն, մանաւանդ ընդդէմ քրիստոնեաներուն:
<<Ի հարկէ, որքան շուտ ԻՊի գրոհայինները ոչնչացուեն, այնքան աւելի լաւ մարդկութեան համար: Մենք պատրաստ ենք նաեւ յետագայում սիրիացի ժողովրդին մարդասիրական օգնութիւն յատկացնել, որը շատ է տուժել: Ես կարծում եմ, որ ջանքերը, որոնք այժմ գործադրում է Ռուսաստանը, ՌԴ զինուած ուժերը, յաջողութեամբ են պսակւում>>, ընդգծած է նախագահը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ