By Asbarez | Saturday, 25 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Կեդրոնական ընտրական յանձաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարած է, որ դիտորդներ հրաւիրելու եւ հաւատարմագրելու ընթացքին ԿԸՅը առաջնորդուած է երկրի օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային պարտականութիւններով:
<<Այդ պարտականութիւնները կատարելով՝ հայկական կողմը հրաւիրել է բոլոր միջազգային միջկառավարական համապատասխան կառոյցներին: Մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ, ԵԱՀԿ խորհրդարանական ասամբլեա, ԱՊՀ Միջկառավարական ասամբլեա: Ընտրութիւնների օրը նշուած կազմակերպութիւնների անունից դիտորդական առաքելութիւն կը կատարեն աւելի քան 650 օտարերկրեայ քաղաքացիներ: Դա արդէն փաստ է, որ մեր ընտրատեղամասերում կը լինի օտարերկրեայ դիտորդների մեծ քանակութիւն>>, նշած է Մուկուչեան:
Ըստ Մուկուչեանի՝ ոչ մէկ սահմանափակում եղած է դիտորդներու թիւին, թէ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի առաջարկած որեւէ դիտորդի մասնակցութեան հետ կապուած:
<<Եթէ նման մտադրութիւն լինէր, ապա չէին հաւատարմագրուի այդ կառոյցի առաջարկած 28 երկարաժամկէտ եւ 300 կարճաժամկէտ դիտորդներն այն դէպքում, երբ կազմակերպութիւնը նախապէս խնդրել էր հաւատարմագրել 24 երկարաժամկէտ եւ աւելի քան 250 կարճաժամկէտ դիտորդներ>>, յայտնած է Տիգրան Մուկուչեան:
<<Պէտք է նկատել, որ միջկառավարական սկզբունքով ձեւաւորուած դիտորդական առաքելութիւնների թիւը Հայաստանի՝ նման տարածքով ու բնակչութեամբ երկրի համար, բաւականին մեծ միջազգային ներգրաւուածութիւն կ՛ապահովի: Աւելին, 2009 ընտրատեղամասերից առնուազն 1500ից առցանց ուղիղ հեռարձակում կը լինի: Այն նաեւ կը տեսագրեն ու համացանցում կը տեղադրեն: Վստահաբար կարելի է ասել, որ այդ միջոցառումները բաւարար են՝ ընտրական գործընթացի լիարժէք թափանցիկութիւնն ապահովելու համար>>, նշած է ԿԸՅ նախագահը:
Ըստ ԿԸՅ նախագահի՝ ոչ մէկ սահմանափակում եղած է նաեւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեան տեսանկիւնէն:
<<Ընտրութիւնների ժամանակ դիտորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնեն աւելի քան 28 հազար դիտորդներ՝ 49 տեղական հասարակական կազմակերպութիւններից, որոնց կազմում ներառուած են նաեւ մեծ թուով օտարերկրեայ քաղաքացիներ: Ի դէպ, այն տեղական հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց միջազգային գործընկերներին անհանգստութիւն են յայտնել՝ նրանց ոչ կառավարական կազմակեպութիւնները հաւատարմագրել մերժելու հետ կապուած, կարող էին օտարերկրեայ դիտորդներին հաւատարմագրել իրենց դիտորդական առաքելութիւնների կազմում, եւ այնտեղ ոչ մի սահմանափակում չկայ>>, շեշտած է Մուկուչեան:
Օտարերկրեայ հասարակական կազմակերպութիւնները չեն հրաւիրուած, հիմնուելով Հայաստանի օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն, յայտարարած է Մուկուչեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ