By Asbarez | Tuesday, 28 March 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան պարագլուխներէն Ճեմիլ Պայըք կոչ ըրած է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին ընթացքին <<ո՛չ>> քուէարկեն։ Թրքական թերթերը կը գրեն, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը կը ջանայ հանրաքուէին ձախողութիւնը ապահովել՝ ճնշում բանեցնելով մասնաւորաբար արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան նահանգներու բնակչութեան վրայ։
Պայըք իր կոչին մէջ քննադատած է այն քիւրտերը, որոնք մտադիր են չքուէարկել հանրաքուէին եւ պնդած է, որ այդ զինուորական գործողութիւնները, որոնք անցեալ տարի կատարուեցան քիւրտ բնակչութեան ապահովութիւնը եւ ունեցուածքը պաշտպանելու պատրուակով, <<իրականութեան մէջ՝ քիւրտ բնակչութեան դէմ ուղղեալ գործողութիւններ էին>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ