By Asbarez | Tuesday, 28 March 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆեր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի աշխատակիցները աւելի քան երեք շաբաթէ ի վեր չեն կրնար հանդիպում մը ունենալ <<Վել>>չ թերթի ձերբակալեալ լրագրող Տենիզ Եուճելի հետ։ <<Սէօզճիւ>>, հաղորդելով այս լուրը՝ կը գրէ, որ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ վարչապետները հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած էին ու վարչապետ Եըլտըրըմ ըսած էր, որ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի աշխատակիցները պիտի կրնան տեսակցութիւն ունենալ Եուճելի հետ, սակայն ցարդ այդպիսի արտօնութիւն չէ տրուած։ <<Դժբախտաբար, անհասկնալի պատճառներով, Եուճելի հետ անկարելի է հանդիպիլ։ Մենք կ՛ակնկալենք, որ Եըլտըրըմ յարգէ վարչապետ Մերքելին տուած իր խոստումը>>, դիտել տուաւ բանբերը։
Յիշեցնենք, որ Եուճել կ՛ամբաստանուի քիւրտ անջատողականներուն ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու <<յանցանքով>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ