Ատրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքին. Բակօ Սահակեան

By Asbarez | Wednesday, 29 March 2017

0329Osce Pago

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 28ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչն ու անոնց ուղեկցող պաշտօնատարները:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման՝ խախտելով զինադադարը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն:

Երկրին ղեկավարը կարեւոր համարած է զինադադարի պահպանման ու խախտումներու վերահսկումի համակարգին անհրաժեշտութիւնը՝ զանոնք համարելով խաղաղ գործընթացի առանցքային բաղադրամասերը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

 



comments