By Asbarez | Thursday, 30 March 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով Ռաքքան Սուրիոյ հիւսիսի դաշնակցային դրութեան կցելու վերաբերեալ քրտական յայտարարութիւններուն՝ յայտնեց, որ Սուրիոյ ապագան պէտք է սուրիացինե՛րը որոշեն, միաժամանակ վերահաստատելով միջազգային դաշինքին յանձնառութիւնը՝ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարող տեղական ուժերուն աջակցելու գծով:
Մինչ այդ, քրտական <<Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ>>ու ղեկավար Սապան Հօ, <<Հայա>>չ թերթին յայտնեց, որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ Միացեալ Նահանգներու հետ, իսկ արեւմտեան ափին վրայ՝ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վերջ մը դնել ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ՝ արդար լուծում մը գտնել քրտական հարցին եւ դաշնակցային դրութիւն հաստատել Սուրիոյ մէջ։ Ան չբացառեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավար ուժերու դաշինքը, <<Իսլամական պետութենէն>> Ռաքքան ազատագրելէ ետք՝ մասնակցի նաեւ Իտլիպը <<Ճապհաթ Նուսրա>>էն ազատագրելու գործողութեան: Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ՝ Աֆրինի մէջ կեդրոնի մը հաստատման շուրջ համաձայնութիւնը, ռուսական ռազմակայանի մը հաստատման համար չէ՛, այլ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու մարզումի կեդրոնի մը համար է: <<Քաղաքական եւ զինուորական ճակատամարտ կը մղենք: Արդար դատ մը ունինք, ուստի՝ համակարգում կը կատարենք ու կը գործակցինք մեզի աջակցող կողմերուն հետ>>, ըսաւ Սապան Հօ եւ աւելցուց. <<Քրտական հարցին արդար լուծումը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութիւնը, որուն կեդրոնը պիտի ըլլայ Դամասկոսի մէջ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ