Թուրքիոյ սահմանադրական հանրաքուէին Ո՛չ քուարկելու կոչ՝ Եւրոխորհրդարանէն

By Asbarez | Thursday, 30 March 2017

Էլմար Պրոք

Էլմար Պրոք

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Եւրոպական կառոյցներէն ու երկիրներէն կը շարունակեն բարձրանալ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին <<ո՛չ>> քուրակելու ի նպաստ ձայներ։ Արադրեւ, Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլմար Պրոք գերմանաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղեց <<ո՛չ>> ըսելու, շեշտելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները վաւերացնելու պարագային Թուրքիոյ խորհրդարանի իրաւասութիւնները պիտի սահմանափակուին, խոչընդոտներ պիտի ստեղծուին դատաիրաւական անկախ համակարգի գործունէութեան համար, ինչպէս նաեւ Թուրքիա աւելիով պիտի հեռանայ Եւրոպայէն։ Պրոք նաեւ շեշտեց, որ նոր Սահմանադրութեամբ Թուրքիա պիտի չհամապատասխանէ Եւրոպայի սկզ-բունքներուն ու պիտի չկարենայ անդամակցիլ Եւրոմիութեան։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ ըսաւ. <<Թուրքիոյ մէջ ամրան եղանակէն մինչեւ այսօր կրնամ խօսիլ երկու յեղաշրջումներու մասին։ Առաջինը պետական յեղաշրջումի փորձն էր, որ ձախողեցաւ, իսկ երկրորդը կազմակերպած է նախագահ Էրտողան՝ իր երկրի սահմանադրութեան դէմ։ Այս երկրորդը յաջողած կը թուի։ Էրտողան կը լուծէ խորհրդարանը, ձերբակալելով երեսփոխաններ։ Ան ատիկա կ՛ընէ հանրաքուէի միջոցաւ, որ պիտի տկարացնէ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած խորհրդարանը>>։ Լամերթ անդրադարձաւ նաեւ Էրտողանի կողմէ Գերմանիոյ մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն միջամտելուն, որպէս օրինակ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումէն ետք թրքական կողմի արձագանգները։ <<Այդ բանաձեւով Գերմանիա իր պատասխանատուութիւնը ընդունեց, քանի որ այդ Ցեղասպանութիւնը պատահած էր Գերմանիոյ կրաւորական միջամտութեամբ։ Եւ մենք տեսանք, թէ ի՞նչ արձագանգներ եղան Թուրքիայէն։ Էրտողան Գերմանիոյ խորհրդարանի թուրք երեսփոխանները ահաբեկիչներ որակեց եւ կոչ ուղղեց արեան քննութիւններ կատարելու, համոզուելու համար, որ անոնք իրապէս թուրք են>>, ըսաւ Լամերթ։

 



comments