By Asbarez | Thursday, 30 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Մարտ 29ին ընդունած է ԵԽԽՎ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւններու ենթակոմիտէի նախագահ, Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններու կատարման հարցով զեկուցող Շտեֆան Շենախը:
Էդուարդ Նալբանդեան հիւրին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն ջանքերը: Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, շարունակաբար կը մերժէ համանախագահ երկիրներուն կողմէ բանակցային գործընթացի յառաջ մղման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղուած առաջարկները, կը հրաժարի կեանքի կոչել Վիեննայի եւ Ս. Պեթերզպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ միջադէպերու հետաքննութեան կառուցակազմի ստեղծման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու աւելնալուն վերաբերեալ:
Նախարար Նալբանդեան շեշտած է, որ հիմնահարցի կարգաւորումը կ՛ընթանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով, որ հիմնախնդիրին կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող կառոյցն է:
Նալբանդեան աւելցուցած է, որ ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ քննարկումները այլ ձեւաչափեր, այլ հարթակներ տեղափոխելու, տարբեր կառոյցներու մէջ իրականութիւնը խեղաթիւրող բանաձեւեր նախաձեռնելու, կարգաւորման ձեւաչափին զուգահեռ կառուցակազմեր ստեղծելու փորձերը կը վնասեն հանգուցալուծման հասնելու համանախագահներուն ջանքերը, որուն մասին տարբեր առիթներով զգուշացուցած են նոյնինքն համանախագահները. այս զգուշացումը ԵԽԽՎի մէջ նոյնպէս պէտք է լրջօրէն հաշուի առնուի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ